2014-07-05 11:42:12

''Կը քաջալերեմ ձեզ` բոլորին ճանչցնել զօրակցութեան մշակոյթը'' ըսաւ Քահանայապետը Քամփոպասսոյի մէջ մատուցած ս. Զոհի ընթացքին արտասանած քարոզին մէջ։


Մոլիզէ նահանգին կատարած հովուական այցելութեան ծիրէն ներս, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը, շաբաթ, 5 յուլիս 2014-ի առաւօտեան ժամը 10.30-ին, Քամփոպասսոյի Ռոմանիոլի մարզադաշտի տարածքին հանդիսապետեց սուրբ պատարագի արարողութիւնը որուն ընթացքին իր արտասանած քարոզին մէջ մեկնաբանելով օրուան ս. Գրային ընթերցումները ըսաւ. ''առաջին ընթերցումը, առնուած Իմաստութեան գիրքէն, կ'ըսէ. իմաստութիւնը իրեն ծառայողներուն կը փրկէ վշտերէն։ Արդարեւ Աստուծոյ իմաստութիւնը կ'ազատագրէ մարդը չարէն ու հարստահարումէն։ Աստուած միշտ եղած է տկարին ու հարստահարեալին կողմը։ Մենք նախ եւ առաջ ժողովուրդ մըն ենք որ կը ծառայենք Աստուծոյ։ Աստուծոյ ծառայութիւնը կը դրսեւորուի զանազան եղանակներով եւ մասնաւորապէս աղօթքով, Աւետարանի քարոզութեամբ ու եղբայրօգնութեամբ։
Ամենասուրբ Կոյս Մարիամը միշտ եղած է Եկեղեցւոյ պատկերը` ''Տիրոջ աղախին եմ'' բացագանչեց Տիրամայրը երբ Գաբրիէլ հրեշակապետէն ստացաւ Աւետիսը ու յղացաւ Յիսուսը։ Ան շուտով փութաց Եղիսաբէթ ազգականին օգնութեան։ Ուստի Աստուծոյ ծառայութեան առանձնաշնորհեալ ճամբան` կարօտեալ եղբայրներու ծառայութիւնն է։
Կը քաջալերեմ ձեզ ամէնքդ` եպիսկոպոսներ, քահանաներ, նուիրեալ անձեր, հաւատացեալներ, որ ընթանաք այս ճամբու վրայ ու բոլորին ճանչցնեք զօրակցութեան մշակոյթը։
Հարկաւոր է որ մարդու արժանաւորութիւնը` առանցքը ըլլայ, մեր ամէն մէկ գործունէութեան ու հեռանկարին։ Շահերը նոյնիսկ երբ օրինաւոր են երկրորդական կը նկատուին յաչս մարդու արժանաւորութեան։
Սիրեցեալ եղբայրներ ու քոյրեր, Ամենասուրբ Կոյսը որ Մոլիզէի մէջ յարգուած է ''ազատութեան Տիրամայր'' անունով ձեզի պարգեւէ շնորհքը ուրախութեամբ ծառայելու Տիրոջ եւ ընթանալու Տիրոջ շնորհած ազատութեան ճանապարհին վրայ։
Մարիամ թող օգնէ ձեզի ըլլալու մայրական եկեղեցի մը, հիւրընկալ ու գորովալիր հանդէպ բոլորին։ Թող Ան միշտ հովանաւորէ ամէնքդ, ձեր հիւանդները, ծերերը` որ ժողովուրդին իմաստութիւնն են, եւ երիտասարդները։ Թող ''ազատութեան Տիրամայր'' ըլլայ ձեր մխիթարիչն ու ապահով յոյսը ու մեզի ընկերանայ, մեզ օգնէ, խաղաղութիւն եւ երջանկութիւն պարգեւէ։








All the contents on this site are copyrighted ©.